2012-04-26 12:35:17

Հռոմի Լատերանեան Համալսարանի մէջ Դասախօսական նիստ << Տիեզերական Ժողովի վերատեսութիւն։Պատմաբաններ եւ Աստուածաբաններ դէմ առ դէմ խորհրդակցութեան մէջ>>


Հինգշաբթի 26 ապրիլի յետ միջօրէի ժամը 16ին հռոմի Լատերանեան Համալսարանի տնօրէութեան եւ Սան Լուի Տէo ֆրանսէ կեդրոնի նախաձեռնութեամբ` Լատերանեան համալասրանի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքի մը 4րդ նիստը <<Տիեզերական Ժողովի վերատեսութիւն։ Պատմաբաններ եւ Աստուածաբաններ դէմ առ դէմ խորհրդակցութեան մէջ >> նիւթին մասին։ Այսօրուայ շօշափուած գլխաւոր նիւթն էր <<Աստուծոյ Խօսքը>>։ Նիստը գլխաւորեց Լատերանեան համասարանի Պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մասնաճիւղի տնօրէն` հայր Նորման Դաննէր։
Դասախօսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Փրոֆ. Րիքքարտօ Պուրիկանա` վենետիկի համամիութենական ուսումնասիրութեան ինստիտուտի անդամ եւ Փրոֆ. Քրիստոֆ Թէոպալտ Փարիզի Սէվրի կեդրոնէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.